2013 թուականին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն արեւմտահայերէն լեզուն ընդգրկեց վտանգուած լեզուներու ցանկին մէջ։ Վիքիմետիա Հայաստանը, գիտակցելով արեւմտահայերէնի պահպանութեան գործին մէջ իր դերն ու առաքելութիւնը, հանդէս եկաւ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի ստեղծման նախաձեռնութեամբ։ 2019 թուականին այն վերջապէս բացուեցաւ՝ հնարաւորութիւն ընձեռելով արեւմտահայերէն լեզուակիրներուն խմբագրել, կրթուիլ եւ տեղեկատուութիւն ստանալ մայրենի լեզուով՝ արեւմտահայերէնով։
Քանի որ արեւմտահայութիւնը սփռուած է աշխարհի տարբեր մասերուն, Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի զարգացման աշխատանքներն ալ պէտք է կատարուին ապակեդրոն ձեւով, այսինքն՝ ներգրաւելով տարբեր երկիրներու մէջ ապրող արեւմտահայերէն կրողներուն։